By Asbarez | Thursday, 13 July 2017

<<Արմէնփրէս>>ը՝ վկայակոչելով չեխական radio.cz լրատուական կայքը, կը հաղորդէ, թէ <<Ինթըրփոլ>>ը մերժած է Եւրոխորհրդարանի չեխ պատգամաւոր Եարոմիր Շթեթինան ձերբակալելու իրաւունք տալու Ատրպէյճանի խնդրանքը:
Ատրպէյճանի կողմէ այդպիսի դիմում ներկայացնելու պատճառ հանդիսացած է Փետրուարին Շթեթինայի Լեռնային Ղարաբաղ այցը, որուն ընթացքին ան դատապարտած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ իրականացուած գործողութիւնները:
Չեխական կողմը այս առիթով յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան այս քայլով կը ցանկայ խուսափիլ միջազգային հանրութեան կողմէ իրեն մասին բացասական արձագանգներէն ու գնահատականներէն:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները Փետրուար 22ին տեղեկութիւններ տարածած էին, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները միջազգային հետախուզում յայտարարած են Եւրոմիութեան խորհրդարանի պատգամաւորներ Ֆրանք Էնկըլին (Լիւքսեմպուրկ), Էլենի Թէոխարոսին (Կիպրոս), Եարոմիր Շթեթինային (Չեխիա) դէմ, Արցախ այցելելու եւ սահմանադրական հանրաքուէին ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու համար: Շթեթինայի վերաբերեալ դիմումին մերժումը ատրպէյճանական տխրահռչակ <<սեւ ցուցակ>>ի ձախողութիւնն է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ