By Asbarez | Thursday, 13 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Ատրպէյճանական <<Էյ.Փի.Էյ.>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յուլիս 12ին, Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ շարունակուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ կալանքի տակ գտնուող լրագող Ալեքսանտր Լափշինի քրէական գործին վերաբերող դատավարութիւնը: Դատաւոր Ալովսաթ Ապասովի նախագահութեամբ կայացած այդ նիստին աւարտած է Լափշինի գործով դատաքննութիւնը, որմէ ետք դատախազը ժամանակ խնդրած է դատարանէն՝ մեղադրական ճառը պատրաստելու: Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի Յուլիս 14ին:
Ռուսիոյ, Իսրայէլի եւ Ուքրանիոյ քաղաքացի հանդիսացող Լափշինը ձերբակալուած էր Մինսքի մէջ, անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 15ին, Պաքուի դիմումին համաձայն, եւ ատրպէյճանցիներուն յանձնուած էր Փետրուար 7ին: Ան կրնայ 8 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ՝ 2011ին, 2012ին եւ 2016ին Արցախ այցելելուն եւ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելուն համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ