Ատրպէյճան կը քննէ Ռուսիայէն յաւելեալ զէնքեր գնելու կարելիութիւնը. Հասանով

By Asbarez | Friday, 14 July 2017

0714Hasanov

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով <<ՌԻԱ Նովոսթի>>ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Պաքու կը քննէ Ռուսիայէն յաւելեալ զէնքեր գնելու կարելիութիւնը, եւ այդ նպատակով ուսումնասիրութեանց սկսած է ու փորձարկումներ կ՛իրականացնէ արդէն։

Հասանով աւելի կանուխ ըսած էր, թէ Ռուսիայէն հրասայլերու, համազարկային կրակոցներու դէմ դնող համակարգերու եւ ռազմական այլ սարքաւորումներու մատակարարման նպատակով, Մոսկուա-Պաքու պայմանագիրը (որուն արժէքը կը գնահատուի 5 միլիառ տոլարով) արդէն իսկ իրականացած է 90 տոկոսով: Պաքուի գնած սպառազինութեան նորագոյն մասնաբաժինը մատակարարուած է անցած Յունիսին, եւ ըստ նախարարին՝ <<մնացեր են մանրուքներ>>:

 

comments