Չինական ընկերութիւնը կ՛ուզէ ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ

By Asbarez | Friday, 14 July 2017

0714china

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան Հինգշաբթի, 13 Յուլիսին հանդիպեցաւ Չինաստանի մեքենաշինական ընկերութեան Երեւան ժամանած պատուիրակութեան հետ:

Գլխաւորաբար շինարարութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ գործունէութիւն տանող China Machinery Engineering Corporation-ի ներկայացուցիչ Ճէյմզ Տոնկ նախարար Կարայեանին յայտնեց, որ ընկերութիւնը հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ մեծածաւալ ներդրումներ իրականացնելով:

Նախարարը պատուիրակութեան ներկայացուց Հայաստանի ճանապարահաշինութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ ներդրումներ իրականացնելու հեռանկարները: Նախարարը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինարարութեան եւ Սիւնիքի մարզին մէջ կառուցուող Ազատ տնտեսական գօտիէն ներս գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւններուն:

 

comments