<<Օրորա>> մարդասիրական նախաձեռնութեան ամէնամեայ եռօրեայ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018ի Յունիս 8էն 10, Հայաստանի մէջ:
<<Ուրախ ենք, որ հանրութեան կ՛իրազեկենք աշխարհի զանազան վայրերու մէջ մարդոց դէմ իրականացուող վայրագութիւններու մասին՝ պարգեւատրելով անոնց, որոնք շարունակ կը պայքարին այդ հարցերուն դէմ՝ վտանգելով իրենց կեանքը>>, ըստ <<Մեդիամաքս>>ի՝ ըսած է <<Օրորա>> մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
<<Հայաստանը, որ յառաջընթաց ապրած է՝ հակառակ անցեալի տառապանքներուն, կը յաւակնի դառնալ մարդասիրական գաղափարներու, քննարկումներու եւ գործունէութեան համաշխարհային կեդրոն: Եկող տարի եւս իրականացնելով այս կարեւոր ձեռնարկները՝ <<Օրորա>> մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը ձգտի շարունակել գործով արտայայտելու երախտագիտութիւնը՝ աջակցելով կարիքի մէջ գտնուողներուն>>, նշած է ան:
2018ի ձեռնարկներուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան Aurora Dialogues քննարկումները, որոնք միջազգային հարթակ են գիտնականներու եւ փորձագէտներու համար՝ ուսումնասիրելու եւ քննարկելու մարդասիրական մարտահրաւէրները:
Համաժողովը պիտի ձգտի բացայայտել խնդիրները՝ վերլուծելու անցեալի դասերը եւ խրախուսելու նորարարական գործունէութիւնը ներկայիս՝ ապագան աւելի լաւ դարձնելու նպատակով:
2018ի Aurora Dialogues քննարկումներու եւ <<Օրորա>> մրցանակի ձեռնարկներու ժամանակացոյցը եւ լրացուցիչ տեղեկութիւնները հասանելի պիտի ըլլան յառաջիկայ ամիսներուն www.auroraprize.com կայքին վրայ:
2018-ի <<Օրորա>> մրցանակին համար առաջադրումներ կարելի է կատարել մինչեւ Սեպտեմբեր 8՝ https://auroraprize.com/hy/prize/detail/nominatenow կայքէջին միջոցաւ:

