Եանտեքս եւ Ուպըր կը միանան Հայաստանի եւ 5 այլ երկիրներու մէջ

By Asbarez | Friday, 14 July 2017

0714uber

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռիա Նովոսթի>> - <<Եանտեքս>> (Yandex) եւ <<Ուպըր>>(Uber) ընկերութիւնները որոշած են <<թաքսի>> պատուիրելու առցանց ձեռնարկութիւնները միաւորել Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Պելոռուսի, Ատրպէյճանի եւ Ղազախիստանի մէջ:

Երկու ընկերութիւններուն միացումով ստեղծուած կառոյցին մէջ <<Ուպըր>>ը պիտի ներդնէ 225 միլիոն տոլար, իսկ <<Եանտեքս>>ը՝ 100 միլիոն տոլար: Միաւորուած ընկերութիւնը կը գնահատուի 3.725 միլիառ տոլարով: Գործարքի աւարտէն ետք ընկերութեան 59.3 տոկոսը պիտի պատկանի <<Եանտեքս>>ին, 36,6 տոկոսը՝ <<Ուպըր>>ին, իսկ 4,1 տոկոսը՝ աշխատակիցներուն:

Նոր ընկերութիւնը պիտի գլխաւորէ <<Եանտեքս>>ի գլխաւոր տնօրէն Տիգրան Խուդավերդեան:

 

comments

Advertisement