By Asbarez | Friday, 14 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան մնայուն խախտումներուն իբրեւ հետեւանք, այդ երկրին՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը սկսած է անկարելի նկատուելու. այս մասին նշած է Եւրոխորհրդարանի Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Քեթի Փիրի, ըստ <<Պի.Պի.Սի.>>ի թրքական ծառայութեան։
Փիրի ընդգծած է, թէ աւելի շատ Թուրքիոյ ժողովո՛ւրդն է որ Եւրոմիութեան անդամակցիլ կ՛ուզէ եւ ոչ թէ կառավարութիւնը: <<Թուրքիոյ անդամակցութեան հոլովոյթը մինչեւ օրս ամէնէն խնդրայարոյցներէն է: Թուրքիա պէտք է մնայ իբրեւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիր, սակայն այդ երկրի կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը երկիրը ոչ թէ կը մօտեցնէ Եւրոմիութեան, այլ զայն կը հեռացնէ անկէ: Այս քաղաքականութիւնը պէտք է ունենայ իր հետեւանքները>>, ըսած է Փիրի:
Միւս կողմէ, գերմանական <<Վել>>չ թերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոխորհրդարանին մէջ հինգ գլխաւոր կուսակցութեանց խմբակցութիւններու ղեկավարները համատեղ նամակ մը յղած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին եւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին, կոչ ընելով երկրին մէջ մամլոյ ազատութիւն ապահովելու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ