Ֆէյսպուք-ը կը փակէ Ատրպէյճանական կայքի տնօրէնին հաշիւը

By Asbarez | Friday, 14 July 2017

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- <<Ֆէյսպուք>>ի ղեկավարութիւնը փակած է հաշիւը ատրպէյճանական <<Հաքքին>> կայքի տնօրէն Էյնուլլա Ֆաթհուլայեւի։ Ֆաթհուլայեւ ծանօթ է նախագահ Ալիեւի հետ ունեցած իր սերտ կապերով։

Հաշիւը փակելու պատճառը՝ Յուլիս 4ի միջադէպն է։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ օր ատրպէյճանական զինեալ ուժերը կրակ բացած էին հայկական դիրքերու վրայ, իսկ հայկական կողմը փոխադարձած էր, ինչին իբրեւ հետեւանք՝ մահացած էր երկամեայ մանուկ մը։ Այս դէպքէն ետք, Ֆաթհուլայեւ մեռած մանուկին նկարը հրապարակած էր <<Ֆէյսպուք>>ի վրայ, քայլ մը, որ ընկերութեան ղեկավարութեան կողմէ արժեւորուեցաւ իբրեւ՝ <<ընկերային չափանիշներու ոտնահարում>>։

 

comments