Քիւրտերը պէտք չէ անտեսել. Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի ներկայացուցիչ

By Asbarez | Friday, 14 July 2017

0714mistura

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ ներկայացուցիչ Սթեֆան տէ Միսթուրա յայտարարեց, որ Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը մշակելու աշխատանքին մասնակցութիւն պէտք է բերեն նաեւ քիւրտերը։

ՄԱԿի ներկայացուցիչները վերջերս Լօզանի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին Սուրիոյ ընդդիմութեան զանազան խմբակցութիւններու հետ ու բանակցութիւններ վարած էին սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ։

Տէ Միսթուրա ընդգծեց, որ յատուկ ջանք պէտք է տարուի, որպէսզի համաձայնութիւնները չպառակտեն երկիրը։

 



comments