Իտալական ընկերութիւնը 10 միլիոն Եուրոյի ներդրում պիտի կատարէ

By Asbarez | Saturday, 15 July 2017

0715italianinvestment

ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետք>> - Իտալական IDS եւ հայաստանեան TSD ընկերութիւնները Ուրբաթ, 14 Յուլիսին յայտարարեցին, որ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտէն ներս 10 միլիոն եուրոյի ներդրումներով գիտահետազօտական տարրալուծարան եւ բարձր արհեստագիտութեան դատաքննական (forensic) արտադրութեան նոր ճիւղ պիտի հիմնեն:

Ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու ու տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի միջեւ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան խոստացած է հիմնադրամին աջակցութիւնը՝ ամբողջ յետ-ներդրումային շրջանին:

Ծրագիրը պիտի իրականացուի 5 տարուան ընթացքին:

 



comments

Advertisement