By Asbarez | Saturday, 15 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Ուրբաթ, 14 Յուլիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ քննարկում մը տեղի ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրին մէջ:
Քննարկման մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան:
<<Հայաստանի անկախացումից ի վեր Միացեալ Նահանգները մշտապէս ցուցաբերել է օժանդակութիւն, եւ ԱՄՆ կառավարութեան կողմից այս տարիների ընթացքում Հայաստանին յատկացուած տեխնիկական ու մարդասիրական օժանդակութիւնը հասել է գրեթէ 2 միլիարդ դոլարի: Սա լուրջ ներդրում է՝ հաշուի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ Միացեալ Նահանգները մշտապէս մեզ օժանդակել է մեր բարեփոխումներում:
Աստիճանաբար օժանդակութիւնը վեր է ածւում տնտեսական համագործակցութեան, եւ այսօր Հայաստանում գործող ամերիկեան կապիտալի մասնակցութեամբ 800ից աւելի ընկերութիւնները լուրջ ներդրումներ ունեն այդ գործում:
Այնուհանդերձ, ինչպէս բոլոր յարաբերութիւններում, մեզ դեռեւս չի բաւարարում այսօրուայ յարաբերութիւնների մակարդակը. զարգացման շատ մեծ ներուժ կայ՝ հաշուի առնելով ԱՄՆ տնտեսութեան զարգացուածութեան մակարդակը, հաշուի առնելով այդ երկրի պատրաստակամութիւնը եւ, անշուշտ, մեծ ներուժ ունեցող հայկական համայնքի առկայութիւնը Միացեալ Նահանգներում>>, քննարկման ընթացքին ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Շահագրգիռ նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ կայացած հանդիպման ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուեցան դեսպան Յովհաննիսեանի ներկայացուցած ցուցանիշները, առկայ խնդիրներն ու անոնց լուծման միտուած ծրագիրները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ