Ռուսիոյ Խորհրդարանը վաւերացուց Հայաստանի հետ միացեալ զօրագունդ կազմելու համաձայնագիրը

By Asbarez | Saturday, 15 July 2017

0715jointforces

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Արմրադիօ>> - Ռուսիոյ խորհրդարանը (դուման) վաւերացուց Հայաստանի հետ զօրքերու միաւորուած խմբաւորման մասին Մոսկուայի մէջ 2016ի Նոյեմբեր 30ին ստորագրուած համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրը եւ անոր յաւելուածը կը ճշդեն Ռուսիոյ եւ Հայաստանի զօրքերու միաւորուած խմբաւորման նշանակութիւնը, ձեւաւորման, տեղակայման եւ կիրառման կարգը: Միաւորուած խմբաւորումը նախատեսուած է Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ռազմական անվտանգութիւն ապահովելու համար:

Միաւորուած խմբաւորման հիմնական խնդիրներէն է ճիշդ ժամանակին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի դէմ զինուած յարձակման անմիջական նախապատրաստման բացայայտումը եւ անոր հակադարձումը, երկու պետութիւններու պետական սահմաններու ցամաքային հատուածի փակումը պատասխանատուութեան հաստատուած սահմաններու մէջ, օդատիեզերական տարածքի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի պետական սահմանի պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրքերու եւ տարածաշրջանին մէջ գտնուող երկու երկիրներու խիստ կարեւոր կառոյցներու հակաօդային պաշտպանութեան մասնակցութիւնը:

Միաւորուած խմբաւորման կառավարման համար պիտի կազմուի միացեալ հրամանատարութիւն:

 

comments

Advertisement