Ռուսիա պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման գլխաւոր կազմակերպիչը

By Asbarez | Tuesday, 18 July 2017

0718kremlin

ԵՐԵՒԱՆ -  Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Ռուսիա պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման գլխաւոր կազմակերպիչը։

Այս տեղեկութիւնները Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրի մը վերագրելով՝ <<Իզվեսթիա>> կը նշէ, թէ հանդիպումը պիտի կայանայ մինչեւ 2017ի աւարտը:

<<Մոսկուա գլխաւոր միջնորդը դարձած է այդ հարցին, քանի որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միւս համանախագահներուն փորձերը՝ Երեւանի ու Պաքուի ներկայացուցիչները բանակցային սեղան նստեցնելու շուրջ, չեն պսակուած յաջողութեամբ>>, կ՛աւելցնէ թերթը:

<<Երկխօսութեան պահպանումը սկզբունքային նշանակութիւն ունի: Անոր շնորհիւ, տարածաշրջանին մէջ չբռնկուեցաւ լայնածաւալ պատերազմ: Սակայն, կողմերուն նպատակներն ու տեսլականները, նախկինին նման, այժմ եւս տարբեր են>>, ընդգծած է նախարարութեան աղբիւրը:

 

comments

Advertisement