2024ի եւ 2028ի Ողիմպիական խաղերը՝ Փարիզի եւ Լոս Անճելըսի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 18 July 2017

 

 

0718olympics

 

 


ԼՕԶԱՆ, <<Էյ.Փի.>> - Ողիմպիական միջազգային յանձնախումբը, շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ նշեց, որ 2024ի եւ 2028ի Ողիմպիական ամառնային խաղերուն իբրեւ քաղաքներ ընտրուած են Փարիզը եւ Լոս Անճելըսը, սակայն անոնք պէտք է որոշեն, թէ ո՞ր քաղաքը պիտի ստանձնէ ո՞ր խաղերու կազմակերպումը:

Նշեալ երկու քաղաքներէն բացի, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ Համպուրկը, Պուտափեշթն ու Հռոմը:

Խաղերու կայացման հերթականութեան վերջնական որոշումը պիտի տրուի Սեպտեմբեր 13ին։

Փարիզ եւ Լոս Անճելըս նախապէս եւս հիւրընկալած են Ողիմպիական խաղեր. Փարիզը՝ 1900ին եւ 1920ին, իսկ Լոս Անճելըսը՝ 1932ին եւ 1984ին:

Նշենք, որ 2020ի Ողիմպիականները տեղի պիտի ունենան Թոքիոյի մէջ:

 

comments