By Asbarez | Wednesday, 19 July 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Մինչ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ քննադատել մամուլը, իր կարծիքով՝ իր զաւակին նկատմամբ մամուլին անարդար վերաբերմունքին համար, Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները կը մատնանշեն, որ Թրամփ Կրտսերը ռուս փաստաբանին հետ իր կասկածելի հանդիպման մասին իրերամերժ յայտարարութիւններ կատարած է:
<<Սկզիբը ան ըսաւ, որ հանդիպումը տեղի չէ ունեցած, այնուհետեւ ընդունեց եւ ըսաւ, թէ անիկա նուիրուած էր երեխաներու որդեգրման հարցերուն, որմէ ետք ընդունեց, որ հանդիպումը Քլինթընի մասին տեղեկատուութիւն ձեռք բերելու նպատակով էր: Այնպէս որ անոր ըսածները չենք կրնար ընդունիլ, ինչպէս նաեւ՝ այս հարցին շուրջ նախագահին ըսածները>>, շեշտած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ:
Յայտնենք, որ այս բոլորին մասին վկայութիւններ տալու համար, Ծերակոյտի Արդարադատութեան հարցերու յանձնախումբին կողմէ հրաւէր գացած է Թրամփ Կրտսերին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ