By Asbarez | Thursday, 20 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդը (Ծերակոյտ) իր Յուլիս 19ի նիստին վաւերացուց 2016ի Նոյեմբեր 30ին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած՝ հայ-ռուսական համատեղ զօրախումբ ստեղծելու համաձայնագիրը, նշելով, որ անիկա նախատեսուած է Կովկասի մէջ ապահովութիւն երաշխաւորելու եւ կոչուած է կանխելու ու ետ մղելու Ռուսիոյ եւ Հայաստանի դէմ որեւէ զինուած յարձակում:
Զօրախումբի գործունէութեան ծիրէն ներս է նաեւ երկու երկիրներու ցամաքային եւ օդային սահմաններու պաշտպանութիւնը:
Համատեղ զօրախումբը պիտի իրականացուի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարներու համատեղ որոշումով, իսկ խաղաղ պայմաններու մէջ՝ զօրախումբին գործողութիւնները պիտի կանոնակարգուին կողմերու գլխաւոր շտաբներու համատեղ հրամաններով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ