Համանախագահները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարներու նոր հանդիպում կը ծրագրեն

By Asbarez | Thursday, 20 July 2017

0720OSCE FMs

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ (արխիւ)

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները կը նախապատրաստեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը, որ հաւանաբար պիտի կայանայ Նիւ Եորքի մէջ:

Այս տեղեկութիւնը հաղորդած է ԵԱՀԿի մօտ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ, յոյս յայտնելով, որ նախարարներու հանդիպումը առաջնորդէ՝ <<բարձր մակարդակի նոր հանդիպման>> մը:

Յիշեցնենք, որ Յուլիս 11ին, Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած էր յաջորդ հանդիպումը Սեպտեմբերին կատարելու շուրջ, Նիւ Եորքի մէջ ծրագրուած ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս:

 

comments