By Asbarez | Friday, 21 July 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ատրիըն Ռանքին-Կելըուէյ Յուլիս 19ին զայրոյթով եւ մտահոգութեամբ հակադարձեց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ամերիկեան 10 ռազմական դիրքեր բացայայտող լրատուութիւն մը տարածելու քայլին, զոր կատարեց Թուրքիոյ պետական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը։
Ան ազդարարեց, թէ նման բացայայտումներ կրնան վտանգի մատնել Սուրիոյ մէջ յատուկ գործողութեանց մասնակցող ամերիկեան ուժերը՝ աւելցնեով, որ այս մտահոգութիւնները արդէն իսկ փոխանցուած են Անգարայի իշխանութեանց։
Ան նաեւ շեշտեց, թէ այժմ աշխատանք կը տարուի՝ բացայայտելու այս լուրին աղբիւրը՝ աւելցնելով. <<Շատ մտահոգ պիտի ըլլանք, եթէ ՆԱԹՕի մեր դաշնակիցներէն մէկուն պաշտօնատարները դիտումնաւոր կերպով նման զգայուն տեղեկութիւններ բացայայտած ըլլան՝ վտանգելու համար մեր զինուորները>>։
Արդարեւ, <<Անատոլու>> գրած էր, որ Ռաքքա քաղաքէն մօտաւորապէս 20 մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող Այն Իսա գիւղին մօտերը հաստատուած են 200 ամերիկացի եւ 75 ֆրանսացի զինուորներ, իսկ ռազմական այս կայաններուն միջոցաւ, ամերիկեան կառավարութիւնը կը զինէ նաեւ քրտական ուժերը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ