By Asbarez | Friday, 21 July 2017
ՊԱՔՈՒ - Ատրպէյճանական <<News.az>> կայքը վերեւի խորագիրը կրող լուրով մը կը տեղեկացնէ, թէ ըստ ատրպէյճանական <<Oxu.Az>> կայքին, որ իր կարգին՝ լուրը քաղած է հայկական <<Դէպի Արարատ>> կայքէն, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք, ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ կը քննէ հայկական կազմակերպութեանց, ներառեալ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարին, դէմ դատ բանալու կարելիութիւնները, <<անջատողական Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նիւթապէս աջակցելու>> յանցանքով։
<<News.az>> կայքը կ՛աւելցնէ, թէ նշեալ կազմակերպութիւնները քոնկրեսականներու վրայ ճնշումներ կը բանեցնեն՝ Արցախին նիւթական աջակցութիւն ապահովելու համար, շեշտելով, որ մինչ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 2րդ ամենաազդեցիկ լոպիական կազմակերպութիւնը կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ազգային լոպիական կազմակերպութեանց մէջ, Ամերիկայի Հայկական համագումարը հայկական երկրորդ ամենաազդեցիկ լոպիական կազմակերպութիւնն է։
Ըստ կայքին՝ Ուորլիք ունի այն համազումը, թէ Արցախի իշխանութիւններուն տրամադրուող ամերիկեան նիւթական օժանդակութիւնները <<կը քաջալերեն շրջանի անջատողականները>>՝ վնաս հասցնելով Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն։ Ուորլիք այս քայլին դիմելու մղում ստացած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն մօտեցումէն, թէ այս հանգրուանին, երկիրը պէտք է իր ուշադրութիւնը եւ ջանքերը կեդրոնացնէ ոչ թէ արտաքին, այլ ներքին հարցերու վրայ։
Կայքը նաեւ կը պնդէ, որ այս դատը կրնայ հետեւանք եւս ըլլալ այն իրողութեան, որ <<Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը աջակցութիւն տրամադրած է Թրամփի մրցակից Հիլըրի Քլինթընին>>. հաստատում մը, որ չի համապատասխաներ իրականութեան։
Ինքզինք իբրեւ լրագրող ներկայացնող Օ. Մելիք անունով անձ մը պնդած է, թէ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճան Հեֆըրն արդէն իսկ նախնական աջակցութիւն յայտնած է Ուորլիքի այս նախաձեռնութեան։
Յիշեցնենք, որ Հեֆըրն Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եղած է 2011-2014ի միջեւ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ