Փութին-Ալիեւ հանդիպում՝ Սոչիի մէջ

By Asbarez | Friday, 21 July 2017

 

0722putin

ՍՈՉԻ.- Քրեմլինի խօսնակ Տիմիթրի Փեսքով <<Ռիա Նովոսթի>> լրատուական գործակալութեան փոխանցեց, որ Ուրբաթ, 21 Յուլիսի երեկոյեան, Սոչիի մէջ, Վլատիմիր Փութին պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Ատրպէյճանական <<Էյ.Փի.Էյ.>> լրատուական գործակալութիւնը նախապէս տեղեկացուցած էր, որ նախագահ Ալիեւ Սոչի ժամանած է՝ առեւտուրի օրակարգով:

Ատրպէյճանական լրատուական գործակալութեան Մոսկուայի թղթակիցը յայտնեց, որ հանդիպումը երկու նախագահներուն միջեւ կայացած է: Հանդիպումէն առաջ, նախագահ Փութին յայտնած է, որ ինք կ՛ակնկալէ, որ Ալիեւի հետ համդիպումը պիտի նպաստէ Արցախի հակամարտութեան լուծման:

<<Կը յուսամ, որ մեր այսօրուան հանդիպումը պիտի նպաստէ լուծում գտնելու բոլոր բարդ խնդիրներուն, նոյն ատեն, անշուշտ, մենք պիտի քննարկենք Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ երկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները>>, յայտնած է Փութին:

Փութին նշած է, որ Մոսկուան եւ Պաքուն ապագայի համար բազմաթիւ միացեալ ծրագիրներ ունին եւ ինք ուրախ է, որ <<կրնան հանդիպիլ ու խօսիլ այս հարցերուն մասին>>:

Ալիեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները յաջող կերպով կը զարգանան:

<<Մենք գոհ ենք մեր յարաբերութիւններու բարձր որակէն, մենք կը գործակցինք քաղաքական, առեւտրա-տնտեսական, մարդասիրական ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ լաւ հեռանկարներ կան ուժանիւթի եւ փոխադրութեանց մարզերուն մէջ>>, յայտնած է Ալիեւ:

<<Անշուշտ, կարիքը կը զգանք կարեւոր հարցերու շուրջ պարբերաբար խորհրդակցելու, յատկապէս շրջանային եւ միջազգային քաղաքական հարցերու շուրջ եւ մասնաւորապէս մեր տարծաշրջանի ապահովութեան ամրապնդման վերաբերեալ>>, եզրակացուցած է Ալիեւ:

comments