Գերմանական ընկերութիւնը Հայաստանեան շուկայ կ՛ուզէ մտնել

By Asbarez | Friday, 21 July 2017

 

0722germancompany

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ուրբաթ, 21 Յուլիսին հանդիպած է <<Ալիանս Կրուփ>> ընկերութեան տարածաշրջանային տնօրէն Անթուան Իսայի հետ: Ընկերութիւնը ֆինանսական ծառայութիւններ կը մատուցէ ապահովագրութեան եւ արժեթուղթերու կառավարման ոլորտներէն ներս:

<<Ալիանս Կրուփ>>ի տարածաշրջանային տնօրէնը հանդիպման ընթացքին նշած է, որ իրենց ընկերութիւնը շահագրգռուած է Հայաստանի եւ անոր միջոցով երրորդ երկիրներու շուկաներ մուտք գործել:

Վարչապետը ողջունած է <<Ալիանս Կրուփ>>ի այս մտադրութիւնը եւ իր կառավարութեան կողմէ պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկել փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ծրագիրներու հեռանկարները:

 

comments