Արսալի բարձունքներուն 70 առ հարիւրը, իսկ Ֆլիթայի բարձունքները՝ ամբողջութեամբ կ՛ազատագրուին

By Asbarez | Wednesday, 26 July 2017

0725arsal

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի եւ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող Արսալի ու Ֆլիթայի բարձունքները ողողած ահաբեկիչներուն դէմ յայտարարուած ճակատամարտը շարունակուեցաւ անցած շաբաթավերջին:

Արդարեւ, <<Հըզպալլա>>ի եւ սուրիական բանակին մղած այս ճակատամարտին շնորհիւ, Յուլիս 23ին կարելի եղաւ ամբողջութեամբ ազատագրել Ֆլիթայի բարձունքները, իսկ Արսալի բարձունքներուն՝ 70 առ հարիւրը:

<<Հըզպալլա>>ն ազատագրեց նաեւ Շաապաթ Քալաան, որ ռազմավարական կարեւոր դիրք մըն է Արսալի բարձունքներուն վրայ։

Յատկանշական է, որ <<Հըզպալլա>>ի զինեալները իւրաքանչիւր դիրք ազատագրելէ ետք վար կ՛առնեն <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի սեւ դրօշակները՝ անոնց տեղ բարձրացնելով <<Հըզպալլա>>ի եւ լիբանանեան դրօշակները:

 

comments