Փայլան կը դատապարտէ Թուրքիոյ ընդդիմադիր լրագրողներու դատը չլուսաբանող լրատուամիջոցները

By Asbarez | Wednesday, 26 July 2017

0726garo-paylan

ՊՈԼԻՍ - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է թրքական <<Ճումհուրիյէ>>չ թերթի լրագրողներու դատավարութեան, որ սկսաւ Յուլիս 24ին։

<<Լրագրողները դատելը կարեւո՛ր լուր է: Ամօթալի՛ է, երբ անիկա իբրեւ լուր չի յայտնուիր մեր լրատուամիջոցներուն մէջ>>, <<Թուիթըր>>ի իր էջին վրայ գրած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորը:

Ընդդիմադիր թերթի 17 լրագրողներու, ինչպէս նաեւ մամլոյ միջազգային գործակալութեանց թղթակիցներու դատավարութիւնը սկսաւ լրագրողներու հարազատներուն եւ բարեկամներուն կողմէ խճողուած դատարանին մէջ, մինչ ուրիշներ, դատարանէն դուրս, կը պահանջէին անոնց ազատ արձակումը: Դատապարտման պարագային՝ լրագրողները կրնան մինչեւ 43 տարուան արգելափակման վճիռ ստանալ:

Թերթին նախկին խմբագրապետ Ճան Տիւնտար այս դատավարութեան արդիւնքը նկատեց ցուցանի՛շը Թուրքիոյ որդեգրելիք յառաջիկայ դիմագիծին: Տիւնտար <<Ճումհուրիյէ>>չը համարեց Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան վերջին ամրոցը, <<զոր եթէ կորսնցնենք՝ կորսնցուցած կ՛ըլլանք Թուրքիոյ մէջ ազատ մամուլը>>:

<<Թրքական մամուլը կ՛ապրի վերջին տասնամեակներու իր յոռեգոյն շրջանը>>, ընդգծած է Լրագրողներու ազատութեան պաշտպանութեան կազմակերպութեան նախագահ Զէյնեպ Օրալ:

Նշենք, որ ֆրանսական <<Լիպերասիոն>> թերթը, որուն անձնակազմէն եւս լրագրողներ արգելափակուած են Թուրքիոյ մէջ, Յուլիս 24ի իր խմբագրականով բուռն կերպով քննադատեց թրքական վարչակարգը՝ զայն <<բռնատիրական>> որակելով:

 

comments