ՏՈՀԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Յուլիս 24ին ձեռնունայն վերադարձաւ Թուրքիա՝ Ծոցի արաբական երկիրներ կատարած իր երկօրեայ շրջապտոյտի աւարտին:
Արդարեւ, Էրտողան չկրցաւ գործնական յառաջդիմութիւն մը արձանագրել Քաթարի տագնապին գծով Քուէյթի միջամտութեան զօրակցող իր առաքելութեան մէջ:
Սէուտական Արաբիայէն եւ Քուէյթէն ետք, Էրտողան Յուլիս 24ին խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Թանիի հետ: Քաթարեան լրատու աղբիւրներուն համաձայն՝ խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած էր երկկողմանի յարաբերութեանց եւ ահաբեկչութեան դիմակալման միջոցառումներու քննարկումը:
Յիշեցնենք, որ արաբական չորս երկիրներ՝ Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ամիս մը առաջ խզեցին իրենց դիւանագիտական կապերը Քաթարի հետ եւ պահանջեցին փակել հոն գտնուող թրքական խարիսխը ու <<Ճազիրա>> կայանը՝ Իրանի հետ Քաթարի դիւանագիտական կապերը նուազեցնելու պահանջին կողքին:
