By Asbarez | Wednesday, 26 July 2017

Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան, որ 14 Յուլիսին յայտարարած էր թրքական բանտէն փախուստին մասին, ապաստան ստանալու դիմում ներկայացուցած է Յունաստանի իշխանութիւններուն: Այս մասին մտաւորականը ըսած է <<Արմէնփրէս>>ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան յայտնած է, որ գործընթացը յաջող կերպով աւարտելէ ետք, կը փափաքի այցելել Հայաստան:
<<Գործընթացին այսօր կը սկսինք: Յունաստանը սկիզբէն նկատած եմ որպէս իմ երկրորդ կամ երրորդ հայրենիք, անիկա շատ գեղեցիկ ու քաղաքակիրթ երկիր է: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ եթէ կեանքիս նոր շրջանը այստեղ անցնէի>>, ըսած է Նշանեան <<Արմէնփրէս>>ի թղթակիցին՝ աւելցնելով. <<Երբ կարենամ օրինական կերպով հանգիստ շրջիլ, առաջին իսկ կարելիութեան պարագային կը փափաքիմ այցելել Հայաստան: Բանտարկութեանս օրերուն, Հայաստան գտնուող ընկերներէս մեծ աջակցութիւն ու սէր ստացած եմ: Կան շատ մարդիկ, որոնց կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ