Թրամփ-Հարիրի հանդիպում

By Asbarez | Thursday, 27 July 2017

0727Trump Hariri

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Յուլիս 25ի յետմիջօրէին, Սպիտակ տան մէջ ընդունեց Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր: 45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք, Թրամփ եւ Հարիրի միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին շարք մը յայտարարութիւններ:

Թրամփ նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի <<Իսլամական պետութեան>>, <<Քայիտա>>ի, <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի եւ <<Հըզպալլա>>ի դէմ պատերազմի առաջնագիծին վրայ եւ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու է լիբանանցիներու ապահովութեան երաշխաւորման:

Այս շրջագիծին մէջ, Թրամփ շնորհաւորեց լիբանանցիներուն գոյատեւելու կամքը՝ բարձր գնահատելով լիբանանեան–ամերիկեան պատմական յարաբերութիւնները:

Ան դրուատեց լիբանանեան բանակին կողմէ երկրի խաղաղութեան պահպանումն ու երկրի սահմաններուն պաշտպանութիւնը, եւ նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներ <<հպարտ է>> ահաբեկչութեան դէմ մղուած այս պայքարին զօրակցելով:

<<Լիբանան կարիքը ունի միայն իր բանակին, իսկ <<Հըզպալլա>> կը սպառնայ լիբանանեան պետութեան եւ ամբողջ շրջանին, յատկապէս՝ զինուելով եւ Իսրայէլի դէմ պատերազմ յայտարարելով: Թէեւ <<Հըզպալլա>> ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ լիբանանցիներու շահերու պաշտպան, սակայն խորքին մէջ ան իր սեփական եւ Իրանի շահերը կը պաշտպանէ>>, պնդեց Թրամփ:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահան եղածներու հարցին՝ Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին, որ հիւրընկալած է մեծ թիւով տեղահանուածներ. ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին: <<Կը խոստանամ օժանդակել սուրիացի տեղահանուածներու մարդկային կարիքներուն, եւ յարմար կը գտնեմ, որ լաւագոյն ձեւը իրենց երկրին մօտ մնալն է>>, ըսաւ Թրամփ:

Ան նաեւ շեշտեց, որ մօտ ապագային պիտի յայտարարէ <<Հըզպալլա>>ի դէմ պարտադրուելիք պատժամիջոցներուն մասին իր որոշումը:

Իր կարգին, Հարիրի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով թափուած ամերիկեան ջանքերուն համար: Ան նշեց, որ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերը կը պահպանեն հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու սահմանային խաղաղութիւնը՝ աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

Հարիրի նաեւ յայտնեց, որ Թրամփի հետ քննարկած է Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն ձգած հետեւանքները՝ Լիբանանի վրայ, եւ անոր ներկայացուցած է տեղահանուածներուն հարցը լուծելու շուրջ Լիբանանի կառավարութեան պատկերացումը:

Հարիրի իր յայտարարութիւնները եզրափակեց՝ հաստատելով, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի։

 



comments

Advertisement