By Asbarez | Thursday, 27 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան Երեքշաբթի, 25 Յուլիսին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող օրէնսդրական հարցեր:
Նախարարը դեսպանին ներկայացուց ելեկտրոնային կառավարման գործիքակազմի տեղադրման ընթացքը արդարադատութեան նախարարութեան շարք մը մարզերուն մէջ, յատկապէս՝ դատական արխիւի թուայնացման, e-apostille, e-notariat համակարգերու տեղադրման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Ռիչըրտ Միլզի փափաքով նախարարը անդրադարձաւ նաեւ հակափտածութեան քաղաքականութեան առնչուող շարք մը հարցերու՝ այդ ուղղութեամբ տարուած ջանքերուն եւ ակնկալուող արդիւնքներուն:
Հանդիպումի աւարտին դեսպան Միլզ իր խօսքին մէջ նշեց, որ ժողովուրդի կարիքներուն սատարող արդարադատութեան համակարգը անկախ ժողովրդավարութեան կենսական մասն է, եւ ողջունելով այդ հոլովոյթին մէջ արդարադատութեան նախարարութեան ձեռքբերումները՝ հետագայ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ