Պէտք է ճանչնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը. Իսրայէլացի ընդդիմադիր գործիչ

By Asbarez | Friday, 28 July 2017

0728Lapid

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Իսրայէլեան <<Եշ Աթիտ>> ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ եւ ելեւմուտքի նախկին նախարար Եայիր Լափիտ կոչ ըրած է Իսրայէլի իշխանութեանց՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ սատարելու քրտական պետութեան կազմաւորման, ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կեցուածքին:

Ըստ <<Ճերուզալէմ Փոսթ>> թերթին՝ ան ըսած է, որ Թուրքիա ամէն անգամ աւելի ու աւելի ցաւոտ հարուածներ կը հասցնէ Իսրայէլին:

<<Մենք պէտք է ըսենք, թէ հիմա մենք մեր ուզած քաղաքականութիւնը պիտի որդեգրենք. այսօրուընէ սկսեալ պիտի սատարենք քրտական անկախ պետութեան ստեղծման ու պէտք է ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մենք պէտք է ընենք այն բոլորը, որոնք չէին կատարուած, երբ լաւ յարաբերութիւններ ունէինք Թուրքիոյ հետ, քանի որ այլեւս նման յարաբերութիւններ չկան եւ պիտի չըլլան ապագային>>, յայտարարած է ընդդիմադիր գործիչը:

Լափիտ նաեւ կոչ է ըրած է հրաժարելու դէպի Թուրքիա կազատար խողովակաշարի գաղափարէն:

 

comments