By Asbarez | Friday, 28 July 2017

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ թրքական բանտէն փախուստի դիմած հայազգի մտաւորական Սեւան Նշանեան Յունաստանի իշխանութիւններէն վեց ամսուան ժամկէտով կեցութեան իրաւունք ստացած է։
<<Յունաստանը սկիզբէն նկատած եմ իմ երկրորդ կամ երրորդ հայրենիքս։ Անիկա շատ գեղեցիկ ու քաղաքակիրթ երկիր է: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ կեանքիս նոր փուլը անցընեմ հոս>>, <<Արմէնփրէս>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Նշանեան:
Ան 2014ին, 17 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ Իզմիրի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող իր սեփական հողերուն վրայ <<ապօրինի>> շինարարութիւն կատարելու մեղադրանքով: Ըստ թրքական մամուլին՝ Նշանեանի ձերբակալութիւնն ու դատապարտումը Թուրքիոյ իշխանութիւնները կազմակերպած էին, որպէսզի կարենան լռութեան մատնել տարիներ շարունակ զիրենք քննադատած այս մտաւորականը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ