Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին Թրքական հատուածը փոխադրեց առաջին ուղեւորները

By Asbarez | Friday, 28 July 2017

 

0725baku gars

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Հայաստանէն անցնող ու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պարտադրած շրջափակումին իբրեւ հետեւանք այժմ չգործող երկաթուղային կապերը վերահաստատելու նպատակով կառուցուող Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի թրքական հատուածին վրայ, վերջերս իրականացուեցաւ ուղեւորներու առաջին փոխադրութիւնը։

Արդարեւ, կառաշարը բազմամարդ եղած է. ուղեւորներու շարքին եղած են երեք երկիրներէն նախարարներ ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Երկաթուղին պիտի ծառայէ գլխաւորաբար բեռնափոխադրութեան նպատակին։

Յիշեցնենք, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին կը կառուցուի Թուրքիոյ, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի միջպետական համաձայնագիրի հիման վրայ։ Անիկա կ՛անցնի Վրաստանի Ախալքալաքի կայարանէն, հասնելով մինչեւ Կարսի երկաթուղային կայարանը։ Շինարարութիւնը սկսաւ 2008ին, ու ջանք կը տարուի զայն ամբողջացնելու մինչեւ ընթացիկ տարուան աւարտը։

 



comments

Advertisement