Իրանցի զինուորներ Թուրքիոյ քաղաքացի մը կը սպաննեն սահմանին վրայ

By Asbarez | Friday, 28 July 2017

 

0728iran trk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Յուլիս 26ի գիշերը, Իրանի սահմանապահ զինուորներուն կողմէ արձակուած փամփուշտներուն իբրեւ հետեւանք, Թուրքիոյ քրտաբնակ Հաքքարի նահանգի Եուքսեքովա շրջանին մէջ սպաննուած է 24ամեայ Քամուրան Ֆըրաթը:

Ըստ թրքական <<Հապերլեր>> լրատուամիջոցին՝ շրջանի ապահովական մարմինները այս դէպքին առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսան եւ նախնական տուեալներու համաձայն՝ հաստատուած է, թէ սպաննուած քաղաքացին քիւրտ հովիւ մըն էր:

Նաեւ, հաղորդուած է, որ անոր վրայ կրակ բացուած է, երբ մօտեցած է թուրք-իրանեան սահմանին, սակայն ան չէր անցած սահմանագիծը։

Իրան ցարդ այս մասին որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած:

 



comments