By Asbarez | Friday, 28 July 2017
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, <<Ռոյթըրզ>> - Ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ քննարկուող եւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ արդէն իսկ վաւերացուած՝ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցները մտահոգած են Եւրոմիութիւնը:
Կառոյցին գործադիր մարմինի՝ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր այս առթիւ յայտարարեց, թէ Պրիւքսէլ կրնայ համապատասխան քայլերու ձեռնարկել, եթէ Ռուսիոյ դէմ այդ սահմանափակումները վտանգ հանդիսանան Եւրոմիութեան ուժանիւթային ապահովութեան:
<<<<Նախ Ամերիկա՛ն>> կարգախօսը չի նշանակեր, որ Եւրոպան պէտք է վերջին դիրք մղուի>>, ըսաւ ան՝ նշելով, որ այս հանգրուանին, դիւանագիտական բոլոր միջոցներով, Ուաշինկթընի հետ կը քննարկուին նոր պատժամիջոցներուն հետ կապուած մտահոգութիւնները:
Նշենք, որ պատժամիջոցները կրնան ռուսական կազը դէպի Եւրոմիութեան անդամ երկիրներ ներածելու ջանքերուն վտանգ հանդիսանալ։
Եունքեր աւելցուց, որ եթէ դիւանագիտական ջանքերը արդիւնք չտան, ապա Եւրոյանձնաժողովը պիտի դիմէ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան՝ եւրոպական երկիրներու եւ ընկերութիւններու շահերը պաշտպանելու համար:
Ռուսիոյ, Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի դէմ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան որդեգրած պատժամիջոցները դատապարտումի լայն ալիք բարձրացուցին առնչակից միջազգային շրջանակներուն մօտ:
Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի Պաշտպանութեան յանձնախումբի առաջին տեղակալ Ֆրանց Քլինցֆիշ դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պարտի անդրադառնալ, թէ կացութիւնը ո՛ւր կրնայ յանգիլ՝ ներկայ քաղաքական վարքագիծին շարունակման պարագային: Անոր կարծիքով, Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու որդեգրման որոշումը կրնայ երկու կողմերը մղել դէպի մութ փապուղի, կամ՝ նոր Պաղ պատերազմի:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր կարգին, հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց որդեգրուած պատժամիջոցները եւ զգուշացուց ամերիկեան Ծերակոյտին կողմէ անոնց վաւերացումէն՝ զանոնք նկատելով միջազգային օրէնքներու բնոյթին հակոտնեայ քայլ: Հաղորդագրութիւնը ապօրինի քայլ նկատեց նաեւ ամերիկեան սահմաններէն դուրս գտնուող անձնաւորութիւններու դէմ պատժամիջոցներու տնօրինումը:
Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի եւս քննադատեց ամերիկեան պատժամիջոցները՝ խոստանալով համապատասխան քայլերու դիմել: Ռոհանի միաժամանակ թերագնահատեց պատժամիջոցներու ազդեցութիւնն ու անոնց անդրադարձի տարողութիւնը իրանցի ժողովուրդին վրայ՝ շեշտելով, որ Իրան պիտի շարունակէ տոկալ ու դիմադրել:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ