By Asbarez | Friday, 28 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հինգշաբթի, 27 Յուլիսին, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյց ունենալով՝ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, մեկնաբանելով Իսրայէլի տարածաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցահի Հանեկպիի Երեւան այցը՝ յայտնեց, որ Իսրայէլ Ատրպէյճանին զէնք չի վաճառեր Հայաստանի նկատմամբ թշնամութեան պատճառով:
Այս հարցին վերաբերեալ Թել Աւիւի դիրքորոշումը մէկ անգամ չէ, որ հրապարակայնօրէն բարձրաձայնուած է: Անոնք պատրաստ են զէնք վաճառել բոլոր ցանկացողներուն, նաեւ՝ Հայաստանին:
Քոչարեան աւելցուց, որ ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի եւ Իսրայէլի ժողովուրդներուն միջեւ մեծ թիւով ընդհանրութիւններ կան, սակայն կան նաեւ խնդրայարոյց հարցեր:
<<Կարեւորը նրանցից չհեռանալն է, այլ բանակցութիւնների ճանապարհով լուծելը>>, ամփոփեց փոխնախարարը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ