By Asbarez | Saturday, 29 July 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմրադիօ>> - Լրագրող Լիլիթ Մուրադեան կը տեղեկագրէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնաժողովը արդէն հաստատած է 2018 տարեշրջանին համար արտաքին գործողութիւններու եւ յարակից ծրագիրներու համար նախատեսուող յատկացումներու վերաբերեալ օրինագիծը, որ 10 միլիառով պակաս է նախորդ տարուան պիւճտէէն: Այս ծրագրով է, որ դրամական աջակցութիւն կը ցուցաբերուի նաեւ Սուրիայէն փախստականներ ընդունած երկիրներու, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանին:
Հայաստան Սուրիայէն ընդունած է 22 հազար փախստական: Անցեալ տարի ամերիկեան յատկացումներէն Հայաստանին բաժին ինկած էր շուրջ 15 միլիոն տոլար: Այս տարի այս յատկացումը կրնայ բաւական նուազ ըլլալ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ