By Asbarez | Tuesday, 01 August 2017

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - <<Ամէն տեղ հայ կայ>> յանկերգը անգամ մը եւս իր <<ցոլացում>>ը գտաւ. այս անգամ, դէպքին վայրը Պոլիսն էր, իսկ հերոսը՝ հայ օդաչու Ալեքսանդր Ակոպովը։
Անցեալ Հինգշաբթի օր, երբ Պոլիսը անգամ մը եւս տեղատարափ անձրեւի ու կարկուտի գերի դարձաւ՝ դժոխային ժամեր ապրեցնելով քաղաքի բնակիչները, դժուար պահեր ապրեցաւ նաեւ <<Աթաթիւրք>> օդակայանը։
Արդարեւ, Պոլիսէն դէպի հիւսիսային Կիպրոս թռչող <<Աթլաս Կլոպալ>> ընկերութեան օդանաւը յայտնուեցաւ յորդառատ անձրեւի ու խոշոր կարկուտի տակ։ Կարկուտն ու կայծակը մեծ վնաս պատճառեցին օդանաւի քթամասին, օդանաւի դիմապակիները կոտրուեցան, եւ օրհասական վայրկեաններ սկսան թէ՛ օդաչուներուն եւ թէ ճամբորդներուն համար։ Օդաչուն մեծ վարպետութեամբ կրցաւ վայրէջք կատարել՝ կողքի պատուհանը օգտագործելով։
Վայրէջքէն ետք, օդաչուն ծափահարութիւններու տարափի մը արժանացաւ օդանաւի եւ օդակայանի բոլոր ճամբորդներուն կողմէ։ Միւս օդանաւերուն օդաչուները դրօշակներ բարձրացուցին ու մօտեցան անոր՝ սեղմելով անոր ձեռքը։
Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն, թրքական հեռատեսիլային կայանները քանիցս խօսեցան դէպքին մասին՝ նշելով, որ օդաչուն իսկապէս հերոսական քայլով մը փրկած էր բոլոր ճամբորդներուն կեանքը։ Կը խօսուէր օդաչուին մասին, սակայն՝ ո՞վ էր այդ օդաչուն։ Այս հարցումը իր պատասխանը գտաւ շաբաթավերջին, երբ յայտնի դարձաւ որ օդաչուն հայ մըն է՝ Ալեքսանդր Ակոպով անունով, եւ Ուքրանիոյ քաղաքացի է։ Անոր շնորհիւ, օդանաւի 121 ճամբորդներն ու անձնակազմի վեց անդամները փրկուեցան ստոյգ մահէ։
Ուքրանիոյ նախագահ Փորոշչենքոյի հրամանագիրով՝ Ալեքսանդր Ակոպով պիտի պարգեւատրուի երկրի Արիութեան շքանշանով. տուչութիւնը պիտի կատարուի Օգոստոսի երկրորդ կիսուն, երբ օդաչուն Ուքրանիա երթայ։
Յիշենք, որ ընկերային ցանցերը շաբաթավերջին ողողուած էին այս լուրին ու հայ օդաչուի հերոսական արարքին մասին գնահատալից մեկնաբանութիւններով։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ