* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Ռուս Պաշտօնատար.Հայ-Թրքական Կապերը Երրորդ Կողմի Մը Չեն Վնասեր

Sunday, 08 November 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: protocols, armenia-turkey, russia

Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին <<Ռեսփուպլիքա Արմենիա>> թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Հայաստանն ու Թուրքիան Ռուսաստանի համար բարեկամ երկիրներ են եւ այդ պատճառով Մոսկուան շահագրգռուած է երկու երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատմամբ։

Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը չի կրնար երրորդ կողմի մը վնաս հասցնել:
Քարասին նաեւ յայտարարած է, որ Մոսկուա պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ պահպանելով իր սերտ կապերը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ հետ։

<<Նախ, ատիկա (հայ-թրքական յարաբերութիւնները) կը վերաբերի ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան ոլորտներուն։ Ռուսական <<Ինթէր ՌԱՕ ԵԷՍ>> բաց բաժնետիրական ընկերութիւնը, որ Հայաստանի մէջ ներդրումներ ունի, կը մասնակցի Թուրքիոյ ելեքտրականութեան մատակարարման։ Ռուսական ընկերութիւնը պատրաստ է անխափան երկաթուղագիծային հաղորդակցութիւն ապահովել երկու երկիրներուն միջեւ՝ Տողուկապի Ախուրեան սահմանային անցման միջոցով։ Գոյութիւն ունին նաեւ այլ նախագիծեր, որոնց իրականացումը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ հայ եւ թուրք բնակչութեանց վրայ>>, նշած է ան։

Քարասին ըսած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ սկզբունքային դիրքորոշումը կը մնայ նոյնը, որ է՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սկզբունքային հարցերու շուրջ համաձայնութեան գոյացում։ Սակայն հակամարտող կողմերուն համար լուծումի տարազներ չեն պարտադրուիր, ըսաւ ան։

Ըստ անոր, Մոսկուա համոզուած է, որ <<վերջնական ընտրութեան գլխաւոր պատասխանատուութիւնը պէտք է մնայ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու վրայ>>։

<<Ընդունելի կը համարուի այն լուծումը, որ թոյլ կու տայ Անդրկովկասի մէջ կրկին կայունութիւն եւ խաղաղութիւն վերականգնել, իսկ յետ-հակամարտային ժամանակաշրջանը պիտի օգնէ այստեղ պահպանելու ոյժերու աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը, եւ կը յանգեցնէ անոր, որ տարածաշրջանը չվերածուի քաղաքական եւ ռազմական մրցակցութեան միջազգային բեմահարթակի>>, ըսած է Քարասին։

Իր կարգին, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտրէս Ֆոկ Ռասմուսէն ատրպէյճանական լրատու գործակալութեան մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարդ բնոյթը <<լուրջ խոչընդոտ>> չեն հանդիսացած ՆԱԹՕ-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման համար։

<<Հայաստան 1994էն ի վեր կը հանդիսանայ <<Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան>> ծրագիրի անդամ, իսկ ՆԱԹՕի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները արդէն բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կայուն զարգացում կ՛ունենան>>, նշած է ան։

Ռասմուսէն նաեւ յայտարարած է, որ յարաբերութիւններու զարգացման ջանքերը, որոնք ներկայիս Հայաստանի ու Թուրքիոյ կողմէ կը գործադրուին, կրնան միայն դրական ազդեցութիւն ունենալ ՆԱԹՕի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի ապահովութեան վրայ:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement