Միացեալ Նահանգները Վրաստանի կողքին է. Փենս

By Asbarez | Thursday, 03 August 2017

0803grg

ԹԻՖԼԻՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս Օգոստոս 1ին այցելեց Վրաստան, ուր տեղւոյն իշխանութիւններուն ու բնակիչներուն ուղղեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի ուղերձը՝ շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգները Վրաստանի կողքին կանգնած է:

Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի իր կարգին նշեց. <<Ուաշինկթըն Վրաստանի գլխաւոր ռազմավարական գործընկերն է, որուն հետ ունինք հասարակաց արժէքներ եւ համաշխարհային ապահովական առաջնահերթութիւններ՝ համընդհանուր խաղաղութիւնը երաշխաւորելու գործին մէջ>>:

Փենս իր պաշտօնական պատուիրակութեան հետ Թիֆլիս հասաւ Թալինէն, ուր հանդիպումներ ունեցած էր Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ նախագահներուն հետ՝ շեշտելով այդ երկիրներուն զօրակցելու Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը:

 

comments