By Asbarez | Thursday, 03 August 2017
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ռոյթըրզ>> - Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2ի առաւօտեան, Սուրիոյ սահմանակից լիբանանեան Արսալ շրջանին մէջ բեռնակառքեր սկսած են հեռացնելու <<Ճապհաթ Նուսրա>> իսլամական ծայրայեղական կազմակերպութեան զինեալները, ինչպէս նաեւ՝ անոնց ընտանիքներն ու համախոհները։ Կ՛ակնկալուի, որ 7000 հոգի, ներառեալ՝ աւելի քան 1000 զինեալ, հեռացուի այնտեղէն։ Անոնք այս հանգրուանին պիտի հաստատուին իսլամ ծայրայեղականներու հակակշիռին տակ գտնուող հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը։
Նշենք, որ քանի մը օրերու ձգձգումէ ետք, Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցաւ <<Հըզպալլա>>ի գերիներուն փոխանակումը՝ Ռումիէի մէջ արգելափակուած իսլամականներուն հետ, կարելի դարձնելով զինեալներուն հեռացումը։
<<Հըզպալլա>>ի գերիները դիմաւորեց Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն՝ զօր. Ապպաս Իպրահիմ, Արսալի մէջ։ Յայտնենք, որ յանձնուած <<Հըզպալլա>>ի 3 գերիները վերջին ճակատամարտին ընթացքին Արսալի բարձունքներու Ուատի Հըմէյտ շրջանին մէջ մոլորած էին, իսկ 2 իսլամականները Ռումիէի բանտի այն արգելափակուածներէն են, որոնց գծով վճիռ չէ արձակուած:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ