Ճատրակի Հազարամեակի Մրցամարտ-ի հերոսները Հայ պատանիներ եղած են

By Asbarez | Friday, 04 August 2017

0804Haik-Martirosyan

Հայկ Մարտիրոսեան

ՍԷՅՆԹ ԼՈՒԻՍ, <<Սփութնիք>> - Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով ճատրակի աշխարհի 13րդ ախոյեան՝ հայազգի Կերի Գասպարովի ջանքերով, կազմակերպուեցաւ <<Հազարամեակի մրցամարտ>> անունը կրող միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի պատանիներու եւ երիտասարդներու 2 տարիքային խումբեր (մինչեւ 14 եւ մինչեւ 17 տարեկան):

Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի խումբերուն պայքարը յատկանշական էր, որովհետեւ երկուքին խմբապետներն ալ հայորդիներ էին։ Արդարեւ, վերջինը կը գլխաւորէր աշխարհի 16 տարեկանէն վար ախոյեան Հայկ Մարտիրոսեանը, իսկ Միացեալ Նահանգներու խումբը՝ հայազգի Սամուէլ Սեւեանը:

Այս մրցաշարքին տեղի ունեցան 8 հանգրուաններ, որոնց ընթացքին Միացեալ Նահանգները արձանագրեց 5 հաւասարութիւն եւ կրեց 3 պարտութիւն: Աւարտին, աշխարհի խումբը յաղթական եկաւ դուրս։

Մարտիրոսեան եւ Սեւեան իրարու դէմ մրցեցան երկու անգամ՝ արձանագրելով մէկական յաղթանակ:

Աշխարհի խումբի պարգեւատրումին, որ տեղի ունեցաւ <<Սէյնթ Լուիս>> ճատրակի սրահին մէջ, մրցանակները յանձնեցին գերվարպետներ Վիշուանաթան Անանտն ու Ուեսլի Սօն:

 

comments