Կառավարութիւնը կը ճշդէ տնտեսական դիւանագիտութեան երկիրներու առաջնահերթութիւնը

By Asbarez | Friday, 04 August 2017

0804karekinmelkonian

Առաջնահերթութեան համար նկատի առնուած են տուեալ երկրին մէջ Հայկական Սփիւռքի առկայութիւնը, ներդրումներ ներգրաւելու եւ առեւտրական շրջանառութեան մեծացման կարողականութիւնը, տուեալ երկրէն Հայաստանի մէջ արդէն գործող ընկերութիւններու թիւը, արդեօք նման ձեռնարկութիւններ կը գործե՞ն Հայաստանի հարեւան երկիրներու մէջ եւ արդեօք կարելի՞ է զանոնք ներգրաւել:

Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրուցելով, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու փոխնախարար Գարեգին Մելքոնեան յայտնեց, որ Հայաստան այժմ արտասահմանի մէջ շուրջ 50 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն ունի, բայց բոլորը չունին առեւտրական ներկայացուցիչներ, չկան նոյնիսկ տնտեսական պատրաստուածութեամբ դիւանագէտներ:

<<Մեր խնդիրն է՝ այդ դեսպանատների աշխատանքում ամրապնդել այդ բաղադրիչը>>, աւելցուց Մելքոնեան:

Առաջնահերթ երկիրներու շարքին են Ռուսիան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը, Իրանը, Վրաստանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, Գանատան, Լիբանանը եւ Պենիլիւքս երկիրները:

 

comments