Թուրքիոյ Հանրապետական Կուսակցութիւնը միացած է Քրտամէտ կուսակցութեան հաւաքին

By Asbarez | Friday, 04 August 2017

0804HDP-CHP

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր եւ քեմալական սկզբունքերու պաշտպան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, միացած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պոլսոյ մէջ կազմակերպած հաւաքին. այս մասին կը հաղորդէ թրքական <<Տիքեն>> կայքը:

Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները, ի նշան զօրակցութեան՝ այցելած են Պոլսոյ Եօղութճու այգին, ուր քրտամէտ կուսակցութիւնը կը կատարէ <<Խիղճի եւ արդարութեան կարգ>> խորագիրը կրող հաւաքը:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ կուսակցութեան կազմակերպած նշեալ հաւաքը, որ նախորդ շաբաթ սկսած էր Տիգրանակերտի Էքին Ճերեն այգիին մէջ, այժմ կը շարունակուի Պոլսոյ մէջ:

Հաւաքի մասնակիցները կը պահանջեն ազատ արձակել Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան բանտարկուած համանախագահները՝ Սալահետտին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եուքսեքտաղը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան անդամ միւս երեսփոխանները:

Միւս կողմէ, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը կը պատրաստուի Օգոստոս 26-30ին կայանալիք <<Արդարութեան խորհրդաժողով>>ին, կը գրէ թրքական <<Տեմոքրաթհապեր>> կայքը:

Խորհրդաժողովի կազմակերպման մանրամասնութիւններուն մասին խօսած է կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Պիւլենտ Թեզճան:

<<<<Արդարութիւն>> քայլարշաւէն ետք, բնակչութեան տարբեր հատուածներու կողմէ հնչած են շատ կարեւոր կոչեր: Բնակչութեան բոլոր հատուածները պահանջած են կազմակերպել խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկրին մէջ արդարութեան վերաբերեալ տարբեր հարցեր: Անհրաժեշտ է խորհրդաժողով մը, ուր պիտի քննարկուին երկրի կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր անարդարութիւնները: Այդ խորհրդաժողովին ընթացքին բնակչութեան տարբեր հատուածներու ներկայացուցիչներ պիտի խօսին երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող անարդարութիւններուն եւ անոնցմէ ազատելու ուղիներուն մասին>>, ըսած է Թեզճան:

Ան նաեւ քննադատած է <<Ճումհուրիյէ>>չ թերթի լրագրողներու անարդար ձերբակալութիւնները եւ անոնց նկատմամբ արձակուած դատական վճիռները՝ պահանջելով անոնց ազատ արձակումը, <<որովհետեւ այդ ձերբակալութիւններն ու վճիռները անօրինական են>>, ըսած է ան։

 

comments