Իրան 370,000 տոլար կը տրամադրէ Հայկական եկեղեցիներու վերականգնման ծրագիրներուն

By Asbarez | Saturday, 05 August 2017

0805iran

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Իրանի զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրին ծիրէն ներս, Թեհրանի կառավարութիւնը 370,000 տոլար յատկացուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած հայկական եկեղեցիները վերականգնելու ջանքերուն:

<<Իրանն Այսօր>>ը կը տեղեկացնէ, թէ Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, արհեստներու եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան փոխղեկավար Մոհամետ Հասան Թալեպիան ըսած է. <<Անհրաժեշտ է պահպանել պատմական եկեղեցիներուն տեսքը, եւ այդ իսկ պատճառով, Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւնը կը փորձէ հասարակութեան ուշադրութիւնը անոնց վրայ կեդրոնացնել՝ կրօնական արարողութիւններ կազմակերպելով ու վերականգնման նախագիծեր իրականացնելով>>։

Պաշտօնատարը այս յայտարարութիւնը կատարած է Ս. Թադէի վանք այցելութեան ընթացքին։

Նշենք, որ 2008ին, Ս. Թադէի վանքը, Ս. Ստեփանոս վանքն ու Ձորձոր մատուռը ընդգրկուած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, <<Իրանի հայկական եկեղեցիները>> ընդհանուր անուան տակ: ԵՈՒՆԵՍՔՕն շեշտած էր, թէ այս կառոյցները կ՛ընդգծեն հայկական աւանդոյթներու հզօրութիւնն ու ուժը:

 

comments