Խորհրդարանին մէջ Հայկական հարցին դէմ միշտ բացարձակ արգելք եղած է

By Asbarez | Saturday, 05 August 2017

0805paylan

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է իր կուսակցութեան նախաձեռնած <<Խղճի եւ արդարութեան կարգ>> խորագրեալ շարժումին: Ան նշած է, որ ձեռնարկը իւրատեսակ բողոք է իրենց դերերը չկատարող ընդդիմութեան, մամուլին եւ դատական համակարգին դէմ:

<<Եթէ այս երեք կառոյցներն ալ չգործեն, ուրեմն մնացած էք իշխանութեան ողորմութեան, իսկ իշխանութիւնը չափազանց շատ սխալներ ու յանցանքներ կը գործէ: Մենք ահա այս կ՛ուզէինք ցոյց տալ եւ, ըստ էութեան՝ հասանք մեր նպատակին>>, ըսած է հայ պատգամաւորը։

Փայլան նշած է նաեւ, որ Տիգրանակերտի մէջ կազմակերպուած շարժումը իրականացուած է ոստիկանութեան կողմէ շրջապատուած եւ մեկուսացուած պայմաններու մէջ: <<Կ՛ուզեն, որ բոլորը լռեն ու վախնան, վախ կ՛ուզեն տարածել: Եթէ նկատած էք, վերջին շրջանին յաճախ մարդիկ կը ձերբակալեն՝ ուրիշներուն դաս տալու համար: Ատոր համար ալ իւրաքանչիւրը սկսած է վերահսկելու ինքն իրեն>>, նշած  է պատգամաւորը:

Ան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պատգամաւորներու ելոյթներուն համար շարք մը սահմանափակումներ սահմանող ներքին կանոնակարգի ծրարին վաւերացման՝ ըսելով. <<Ասիկա ժամանակի ոգին արտացոլացնող ներքին կանոնակարգ է: Ինչպէս Թուրքիոյ փողոցներուն մէջ մարդիկ չեն կրնար խօսիլ, անոնց չե՛ն արտօներ խօսիլ, անոնց արտայայտութիւնները կը սահմանափակեն, այդպէս ալ փորձ կը կատարուի սահմանափակելու խորհրդարանի պատգամաւորներու խօսքը: Խորհրդարանին մէջ Հայկական Հարցը միշտ բացարձակ արգելք գտած է, քրտական հարցը միշտ արգիլուած նիւթ եղած է, եւ պետութիւնը հիմա կրկին կը փորձէ վերադառնալ իր աշխատանքային հին կարգաւորումներուն>>:

 

comments