By Asbarez | Saturday, 05 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ - 3 Օգոստոսին, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները այցելեցին Արմաւիրի մարզի Ակնալիճ գիւղին մէջ գտնուող եզիտիական սրբատեղին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին 3 Օգոստոս 2014ին ՏԱԷՇի կողմէ Իրաքի Շանկալ եզիտիաբնակ նահանգին մէջ իրականացուած ոճրագործութեան շուրջ 12 հազար անմեղ զոհերու յիշատակին: Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին յուշակոթողին, այնուհետեւ այցելեցին եզիտիական տաճար:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Արփինէ Յովհաննիսեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրաքի եզիտիներուն նկատմամբ եղածը ցեղասպանութիւն էր: Խօսելով Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ ցեղասպանութիւն եզրոյթի ընդունման մասին՝ Արփինէ Յովհաննիսեան ըսաւ. <<Իւրաքանչիւր պետութիւն հաշուի կ՛առնէ հոլովոյթի շրջագիծին մէջ յստակ քայլերու յաջորդականութիւնը եւ արտաքին քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւններու շրջագիծին մէջ հարցին քայլ առ քայլ ընթանալը, ատիկա մէկ վայրկեանի կամ մէկ ժամուան հոլովոյթ չէ>>:
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, եզիտի համայնքի ներկայացուցիչ Ռուստամ Մախմուդեան, իր կարգին ըսաւ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը սկզբունքօրէն դէմ չէ եւ հակուած է 3 Օգոստոս 2014ին Իրաքի մէջ եզիտիներուն նկատմամբ կատարուած ցեղասպանութեան վերաբերեալ որեւէ ձեւաչափով փաստաթուղթի ընդունման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ