By Asbarez | Saturday, 05 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ուրբաթ, 4 Օգոստոսին այցելեց Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (ՏԱ) ոլորտի <<Zangi>> ընկերութիւն:
Կառավարութեան ղեկավարը ծանօթացաւ ընկերութեան գործունէութեան, ձեռքբերումներուն, ընթացիկ եւ հեռանկարային ծրագիրերուն:
<<Zangi>>ն նոր սերունդի հաղորդակցութեան համակարգ է, որ թոյլ կու տայ կատարել անվճար, տեսողական հեռաձայնային կապեր եւ փոխանակել հաղորդագրութիւններ (<<Viber>>ին եւ <<whatsup>>ին նման):
<<Zangi>>ն հնարաւորութիւն կու տայ իրականացնելու 720p թոյլատուութեամբ live-տեսազանգեր:
<<Zangi>>ի տնօրէն Վահրամ Մարտիրոսեան տեղեկացուցած է, որ յաւելուածը ունի 1.5 միլիոն բաժանորդ եւ օրական անոր միջոցով կապ կը հաստատեն տասնեակ-հազարաւոր մարդիկ:
2016ին ընկերութիւնը մտած է զարգացման նոր փուլ՝ ձեռք բերած ըլլալով 20+ Business-To-Business (B2B) գործընկերներ աշխարհի 12 երկիրներէ: Այժմ <<Zangi>>ն կը մասնակցի երկիրներու մակարդակով հեռահաղորդակցման ենթակառուցուածքներու ստեղծման աշխատանքներուն:
Հայկական յաւելուածը այս տարի ներկայացուած է Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած Mobile World Congressին եւ այժմ կը պատրաստուի մասնակցել Տուպայի եւ Լոնտոնի մէջ կայանալիք ITEX ու Capacity Europe հեռահաղորդակցութեան ոլորտի ցուցահանդէսներուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ