Արցախի հարցը՝ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ

By Asbarez | Tuesday, 08 August 2017

0808UN Artsakh

ՊԱՔՈՒ - Ատրպէյճանական <<Էյ.Փի.Էյ.>> լրատու գոծակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արցախի հակամարտութեան հարցը դարձեալ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրակ դրուած է։ Արդարեւ, անիկա մաս կը կազմէ ՄԱԿի 72րդ Ընդհանուր ժողովի օրակարգին՝ <<Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներու իրավիճակը>> խորագիրին տակ։

Ընդհանուր ժողովը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 12-25ի միջեւ։

Յիշեցնենք, որ Արցախի հարցը ՄԱԿի 71րդ Ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ եւս դրուած էր, սակայն չէր քննարկուած։

 

comments