By Asbarez | Tuesday, 08 August 2017
ՄԱՆԻԼԱ, <<Ռոյթըրզ>>.- Ֆիլիփինի մէջ, Հարաւասիական երկիրներու ընկերակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողովի ծիրին մէջ, Օգոստոս 7ին անջատ հանդիպում մը ունեցած են Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Ռեքս Թիլըրսընը, որոնք քննարկած են Ռուսիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու սահմանած նոր պատժամիջոցներն ու Ռուսիոյ կողմէ անոնց դէմ որդեգրուած միջոցառումները:
Լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Լաւրով նշած է, թէ իր ամերիկացի գործընկերը ամէնէն աւելի հետաքրքրուած է Ռուսիոյ պատասխան քայլերուն բացատրութեամբ, ինչ որ արդէն մանրամասնօրէն ներկայացուած է անոր: Լաւրով աւելցուցած է, թէ հակառակ առկայ տարակարծութիւններուն եւ փոխադարձ պատժամիջոցներուն, կողմերը պատրաստ են շարունակելու հանդիպումները, լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:
<<Երկխօսութեան այլընտրանք չկայ>>, յայտարարած է Լաւրով, միաժամանակ շեշտելով, որ ամերիկեան պատժամիջոցները՝ <<երկկողմանի համագործակցութեան հասցուած հզօր հարուած են>>։
Իր կարգին, Թիլըրսըն յայտարարած է, թէ ինք քննադատած է Միացեալ Նահանգներու վերջին նախագահական ընտրութիւններուն միջամտելու Քրեմլինի փորձը: <<Այդ մէկը լո՛ւրջ միջադէպ էր, որ խոր անվստահութիւն կը ստեղծէ երկու պետութիւններուն միջեւ՝ էականօրէն վնասելով յարաբերութիւններուն>>, ըսած է ան՝ միաժամանակ ընդգծելով սակայն, որ այդ միջադէպին իբրեւ հետեւանք պէտք չէ երկու պետութիւններուն միջեւ կապերը խզել:
<<Փորձենք համագործակցիլ, փորձենք գտնել ճամբաներ՝ մեր տարակարծութիւնները հարթելու համար>>, յայտարարած է Թիլըրսըն:
Կողմերը նաեւ քննարկած են համացանցային ապահովութեան ուղղուած միացեալ քայլերու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային շարք մը խնդիրներ, մասնաւորաբար՝ Քորէական թերակղզիին եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ
Լաւրով նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները Օգոստոս 8-9ին պիտի հանդիպին Թեհրանի մէջ եւ քննարկեն Սուրիոյ իրավիճակը: <<Մեր թուրք գործընկերոջ հետ քննարկած ենք Ասթանայի հոլովոյթի ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման առնչուած իրավիճակը: Քննարկած ենք նախապատրաստութիւնը Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ>>, ըսած է ան:
Լաւրով նաեւ աւելցուցած է, որ այդ հանդիպումին ընթացքին պիտի շարունակուի ապահովական գօտիներու դրութեան ամրապնդման վերաբերող քննարկումը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ