Փիոնկեանկ կը դատապարտէ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի նոր պատժամիջոցները

By Asbarez | Tuesday, 08 August 2017

0808North_Korea

ԼՈՆՏՈՆ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Օգոստոս 7ին, Փիոնկեան խստօրէն դատապարտեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Օգոստոս 5ին վաւերացուած՝ Հիւսիսային Քորէայի դէմ տնտեսական նոր պատժամիջոցները, վստահեցնելով, որ հիւլէական ռումբեր արտադրելու ու հերահաս հրթիռներ պատրաստելու աշխատանքը կանոնաւոր կերպով պիտի շարունակուի, հակառակ իր երկրի ներքին գործերուն միջամտելու ամերիկեան վարչակարգին գլխաւորած ջանքերուն։

Միւս կողմէ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի, իր հիւսիսային քորէացի պաշտօնակիցին՝ Ռի Եոնկին փոխանցած է, թէ Փիոնկեանկ պէտք է դադրեցնէ հիւլէական եւ հրթիռային փորձարկումները: Ան Ֆիլիփինի մէջ Օգոստոս 6ին տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին նաեւ նշած է, թէ Փիոնկեանկ պէտք է յարգէ Ապահովութեան խորհուրդին որոշումը, որ կ՛արգիլէ Հիւսիսային Քորէայէն ածուխի, երկաթի ու կապարի ներածումները եւ կը սահմանափակէ այդ երկրին մէջ ներդրումները:

Ուանկ յայտնած է, որ պատժամիջոցները անհրաժեշտ են, սակայն՝ <<վերջնական նպատակը չե՛ն>>, եւ կոչ ուղղեց երկխօսութեան: Ան նշած է, որ Հիւսիսային Քորէային յորդորուած է մնալ հանդարտ եւ յաւելեալ փորձարկումներով չգրգռել միջազգային ընտանիքը: Չինական դիւանագիտութեան պետը նաեւ Միացեալ Նահանգներուն եւ Հարաւային Քորէային կոչ ուղղած է չաճեցնելու լարուածութիւնը՝ աւելցնելով, որ կացութիւնը հասած է <<վտանգաւոր կէտ>>ի մը, որ սակայն նաեւ բանակցութիւններու վերսկսում կ՛արտօնէ:

 

comments