Նախագահ Սարգսեան մասնակցեցաւ Իրանի նախագահի երդման արարողութեան

By Asbarez | Tuesday, 08 August 2017

0808serj1

ԹԵՀՐԱՆ.- Շաբաթ, 5 Օգոստոսին աշխատանքային այցելութեամբ Իրան հասած նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ Իրանի վերընտրուած նախագահ Հասան Ռոհանիի երդման պաշտօնական արարողութեան:

Նախագահ Սարգսեան նոյն օրուան երեկոյեան մասնակցեցաւ պաշտօնական ընդունելութեան, որ կազմակերպուած է ի պատիւ Թեհրան գտնուող երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն:

Կիրակի, 6 Օգոստոսին, նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի վերընտրուած նախագահին հետ:

Հանդիպումին սկիզբը Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին հրաւէրը ընդունելուն եւ երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելուն համար՝ ընդգծելով, որ Իրան բարձր կը գնահատէ իր լաւ դրացի Հայաստանի նախագահին  ներկայութիւնը արարողութեան: Հասան Ռոհանի յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահի այցելութիւնը նոր խթան հաղորդէ  երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ զարգացման հաշուի առնելով նաեւ հայ-իրանեան պատմամշակութային ընդհանրութիւնները:

Նշելով, որ ընթացիկ տարին նշանակալից է թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Իրանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններու առումով՝ Հայաստան բարեփոխուած սահմանադրութեան համաձայն կազմակերպեց խորհրդարանական ընտրութիւններ, իսկ Իրանի ժողովուրդը ընտրեց գործադիր իշխանութեան ղեկավար, տարին յատկանշական էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի բազմադարեան պատմութիւն ունեցող կապերու նորագոյն շրջանի՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակով, նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ այս ընթացքին երկու երկիրները կրցած են զարգացնել եւ ամրապնդել փոխշահաւէտ համագործակցութիւն՝ բոլոր մարզերուն մէջ:

0808serj

Երկու երկիրներու նախագահները հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին երկկողմանի եւ բազմակողմանի փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր: Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ հայ-իրանեան տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունի մեծ ներուժ, որուն արդիւնաւէտ օգտագործման ուղղութեամբ անհրաժեշտ է շարունակել հետեւողական աշխատանքը: Նախագահներուն համոզումով, ատիկա կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան աշխուժացման եւ ներդրումներու բարձրացման:

Նախագահները երկուստեք կարեւոր նկատեցին շարք մը այլ մարզերու մէջ իրականացուող մեծ ծրագիրներն ու նոր եւ հեռանկարային նախագիծերու իրականացումը: Անդրադարձ կատարուեցաւ ուժանիւթի, յատկապէս կազի եւ ելեկտրականութեան, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան մարզերուն, որոնց կարգին՝ Հայաստանի եւ Իրանի տարածքներով Պարսից ծոցը Սեւ ծովուն հետ կապող միջազգային փոխադրական եւ տարանցիկ ուղիներու օգտագործման կարեւորութեան: Կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ կազի եւ ելեկտրականութեան մարզերուն մէջ եռակողմանի՝ Իրան-Հայաստան-Թուրքմենիստան ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացումը:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին Իրանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները: Իրանի նախագահը նշեց, որ մինչեւ հիմա այդ ուղղութեամբ զգալի քայլեր առնուած են՝ ընդգծելով, որ մօտ ապագային համաձայնագիրի ստորագրումը բաւական արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

Հասան Ռոհանի բարձր գնահատեց Հայաստանի կողմէ նախաձեռնուած երկու երկիրներուն միջեւ ելքի եւ մուտքի արտօնագիրներու չեղեալ յայտարարուիլը, որ գործարար կապերու  ընդլայնման, տնտեսական գործունէութեան եւ ներդրումներու ու զբօսաշրջութեան խթանման տեսանկիւնէն կարեւոր եւ արդիւնաւէտ քայլ էր:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ շրջանային անվտանգութեան հարցերուն, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայացուց այդ հոլովոյթին ներկայ վիճակն ու Հայաստանի դիրքորոշումը՝ տագնապը բանակցութիւններու միջոցով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի շրջագիծին մէջ խաղաղ միջոցներով լուծելու վերաբերեալ:

Իրանի նախագահը ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապին լուծումը կրնայ ըլլալ բացառապէս քաղաքական ճամբով, եւ իր երկրին համար կարեւոր է շրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:

 

comments

Advertisement