Օգոստոս 4ին Ատրպէյճան ''կորսնցուցած է'' երկու զինուոր

By Asbarez | Tuesday, 08 August 2017


0808mustafaoglu

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռազմ.ինֆօ>> - Օգոստոս 7ին, ատրպէյճանական համացանցային աղբիւրներէ յայտնի դարձած է, որ Ատրպէյճանի Թովուզ շրջանին մէջ գտնուող դիրքերուն վրայ (Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղին դիմաց), Օգոստոս 4ին սպաննուած են երկու ատրպէյճանցի զինուորներ։

Զինուորներէն մէկուն՝ Ահմատով Շահին Շամիստանօղլուի մահուան մասին յայտնած են անոր հարազատներն ու համագիւղացիները։ Նախապէս հաղորդած էինք, թէ նոյն օրը սպաննուած էր նաեւ Մուսայեւ Վահիտ Վուքարօղլուն:

Ըստ ընդդիմադիր <<Մէյտան Թի.Վի.>> լրատուակայքին՝ Թովուզի շրջանի տեղական ինքնակառավարման մարմինի ներկայացուցիչը հաղորդած է, թէ նշեալ երկուքը սպաննուած են իրենց զինակիցներուն կողմէ, երբ անոնք չեն կրցած յիշել օրուան գաղտնաբառը։

Նախապէս հաղորդուած էր, որ զինուորներէն առնուազն մէկը սպաննուած էր <<հայկական կողմի կրակոցնորէն>>:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ցարդ չէ հաստատած այս երկու կորուստները։

 

comments

Advertisement